18/05/2026
✅ ՄԻ ՁԵՌԱԳՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ
ՍԲ. ՂԱԶԱՐ, ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ, ՁԵՌԱԳԻՐ, ԹԻՒ 457 (Թ. ԴԱՐ, ՄԱՇՏՈՑ)
«Ձեռագիրս յամի Տեառն 1775-1776 մտեր է հաւաքման մէջ. գնուած 60 փարայի, ի Համշէն գաւառի։
Այսպէս. մեր միաբան Հ. Պօղոս վարդապետ Առնջեցի (իմա՛ Հայր Պօղոս Վրդ. Մէհէրեան) 1775 թուականին երբ քարոզչութեամբ կը գտնուէր ի Կարին, յանձնարարած էր փերեզակ տիրացուի մը, որ գաւառները շրջած ժամանակ եթէ ձեռագիրներու հանդիպի, գնէ զանոնք իր հաշուին եւ արժէքն ընդունի։
Սա Համշէն գաւառին մէջ յաւուր կիրակամտի այլազգոյ մը տունը իջեւանած պահուն, որ ծագումով հայ, 60 տարի յառաջ թրքաց բռնութենէն ստիպուած իսլամութիւն ընդունած էր, կը տեսնէ որ անդին կանթեղ մը կը վառի՝ կաւեղէն համբարի մը վրայ. կը հետաքրքրուի հարցնել եւ իմանալ եղելութեան պատճառը. եւ կըսուի իրեն, թէ ի պատիւ Ինջիլին (Աւետարան կարծելով) զոր իրենց նախնիքներէն ժառանգած են, կը վառեն այդ կանթեղը ամէն շաբաթ իրիկուն։ Տեսնելով տիրացու փերեզակը սոյն պատկառելի մատեանը՝ կ՚ուզէ գնել. բայց նոքա չեն ուզեր վաճառել. ըսելով որ իրենց տան բէրէքէթն է (այն է՝ օրհնութիւնն)։ Շատ թախանձելէն վերջ կը զիջանին ծախել 60 փարայի. եւ նա կը տանի ի Կարին առ յիշեալ վարդապետը. եւ գինէն ու ճանապարհի ծախքէն դուրս աւելի բան չ՚ուզեր առնուլ։
Իսկ Միաբանութեանս վաղեմի բարեկամները Պր. Ղուկաս Գասպարեանց եւ Պր. Աղայեկ թոյլ չեն տար վարդապետին, այլ իրենք յօժարակամ կը վճարեն բոլոր ծախքը, ըսելով ըլլայ յիշատակ Մայրավանաց Ս. Ղազարու։ Նոյն տարին Տրապիզոնի ճանապարհով կը ղրկէ մատեանս Հ. Պօղոս վարդապետ ի Կ.Պոլիս, ուստի ապա կ՚ուղարկուի ի Վենետիկ»։
📌 (Ձեռագրի մանրամասն նկարագրութիւնը տե՛ս Հ. Բարսեղ Սարգիսեան, Հ. Գրիգոր Սարգսեան, Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մատենադարանին Մխիթարեանց ի Վենետիկ, հտ. Գ, Մաշտոց-Գիրք Ձեռնադրութեան, Վենետիկ-Սբ. Ղազար, 1966, էջ 1-48)։