01/09/2026
Շնորհաւոր քառասնամեակ, սիրելի Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան։
Մեծ հպարտութեամբ կը շնորհաւորենք Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի քառասնամեակը։
Կը մաղթենք, որ Ճեմարանի երթը շարունակուի նոր ուժով ու տեսլականով՝ արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ պատրաստելու գիտակից ու նուիրեալ նոր սերունդներ՝ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։
ՀՕՄ Աւստրալիան, իր չորս մասնաճիւղերով՝ Սօսէ, Նայիրի, Արաքս եւ Արազ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ եւ իր աջակցութիւնը բերել Ճեմարանին՝ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան այս կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն