08/10/2025
«Արցախի Շուշի քաղաքի գրատպութեան պատմութիւնից (1828-1920 թթ.)» խորագրով բանախօսութիւն Կիւպէնկեան Մատենադարանիս մէջ
______________________
Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր, 2025-ին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Կիւլպէնկեան Մատենադարանիս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Շուշի քաղաքի գրատպութեան պատմութիւնից (1828-1920 թթ.)» խորագրով բանախօսութիւն: Այս բանախօսութիւնը մեր յարգանքի տուրքն էր Շուշիի լուսաւոր անցեալին, անոր անառիկութեան համար մարտերու ընացքին զոհուած մեր քաջորդիներուն, ինչպէս նաեւ հաւատարմութեան խոստում մըն էր՝ երբեմնի ծաղկուն քաղաքի ապագային: Բանախօսութեան առիթով Մատենադրանիս հնատիպերու պահոցէն դուրս բերուած էին Շուշիի մէջ տպագրուած եւ Մատենադարանիս մէջ առկայ 11 գիրքեր, որ բանախօսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան ներկաներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կիւլպէնկեան Մատենադարանիս տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեան, ապա հրաւիրեց Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ստեօպա Պետոյեանը՝ կատարելու իր սպասուած բանախօսութիւնը:
Դոկտ. Պետոյեան նախ «Գրադարանի օրուայ» առիթով շնորհաւորեց Կիւլպէնկեան Մատենադարանի տեսչութեանը եւ անձնակազմին եւ Օրիորդ Շողակաթ Դեւրիկեանի կողմէ Մատենադարանիս նուիրեց հինգ գիրքեր՝
1. Վարդան Դեւրիկեան, Շողակաթ Դեւրիկեան - Սուրբ Էջմիածնի տպարանի հիմնումը եւ գործունէութիւնը 18-րդ դարում, Ս. Էջմիածին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատ., 2022, 295 էջ:
2. Վարդան Դեւրիկեան - Պայծառակերպութիւնը եւ Վարդավառի տօնը, Երեւան, «Մագաղաթ» հրատ., 2006, 87 էջ:
3. Vardan Devrikyan - Transfiguration and the feast of Vardavar, Yerevan, "Magalat" publishing house, 2006, 57 p.
4. Vardan Devrikyan - The Last Supper from Armenian tradition to Leonardo, Yerevan, "Tigran Mets" publishing house, 2008, 112 p.
5. Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան - Զ. Բունիաթովի Գրական-Պատմական հայեցակարգը, Երեւան, «Էդիթ Պրինտ» հրատ., 2025, 278 էջ:
Ապա անդրադարձաւ բանախօսութեան բուն թեմային՝ Շուշիի գրատպութեան պատմութեանը՝ սկիզբէն մինչեւ 1920 թուական: Թեման արդիական է ինչպէս գիտաճանաչողական, այնպէս ալ 2020 թուականի աշնան Ատրպէյճանի սանձազերծած հիբրիդային, յարձակողական պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած կացութեան պայմաններու տակ Շուշի քաղաքի ռազմավարական նշանակութիւնը վերաիմաստաւորելու առումով:
Բանախօսութեան ընթացքին Դոկտ. Պետոյեան բացայայտեց Շուշիի պատմութեան կեղծարարութիւնը եւ սնուցեց երբեմնի ծաղկուն քաղաքի ժամանակաւոր գերութեան հետ ոչ մէկ պարագային համակերպուելու տրամադրութիւնները: Բանախօսութիւնը կարեւոր էր անոր համար, որ Շուշիի գրեթէ մէկդարեայ մշակութային վերելքը դժուար է պատկերացնել առանց գրատպութեան ու հրատարակչական գործի: Մանաւանդ, որ Շուշին կը համարուի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օջախներէն մին, նաեւ այն փաստարկումով, որ բուն Հայաստանի մէջ, ըստ հերթականութեան երկրորդն էր Էջմիածնէն (1771 թ.) եւ երրորդը ամբողջ Այսրկովկասի մէջ՝ Թիֆլիսէն (1823 թ.) յետո, իսկ մեսրոպատառ առաջին գիրքը Շուշիի մէջ լոյս տեսած է 1828 թուականին՝ նախորդ տարին հնամենի Արցախի մէջ շուեյցարացի քարոզիչներու բացած առաջին տպարանին մէջ:
Դոկտ. Պետոյեան արխիւային հարուստ նիւթը, պարբերականներու եւ պատմագիտական գրականութեան տեղեկութիւնները համակարգելով շրջանառութեան մէջ դրած է նորայայտ սկզբնաղբիւրներ եւ Շուշիի մէջ հրատարակուած գիրքերու մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ:
Բանախօսութեան վերջաւորութեան ներկաներն իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին Դոկտ. Պետոյեանի, ապա Հոգեշնորհ. Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ ընդգրկուն բանախօսութեան համար եւ ըսաւ, որ այս բանախօսութեան առիթով Պատրիարքարանի Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատունէն դուրս բերուած է թիւ 2334 ձեռագիրը, որ Շուշիի մէջ գրուած Մաշտոց մըն է Մեղրեցի Պետրոս Քահանայի ձեռամբ, կը թուագրուի 1797 թուականով եւ հրաւիրեց Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանը՝ ներկայացնելու ձեռագրի պատմութիւնը:
Երեկոն իր լրումին հասաւ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանի փակման խօսքով, ապա ներկաները պատուուեցան հիւրասիրութեամբ: