02/06/2026
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերած հերոսներուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք: Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ եւս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց` առ ի յարգանք իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած դաշնակցական գործիչներուն:
Ամբողջական նիւթը ⬇️
ՀՅԴ պաշտոնական կայք | Լուրեր