19/09/2026
19 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի երկարատեւ շրջափակումէն ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հայ բնակչութիւնը ենթարկեց ցեղային զտման եւ տեղահանութեան։ Ազրպէյճանական բռնատիրական վարչակարգը ցոյց տուաւ, որ ինք կառչած կը մնայ իր ցեղասպանական ծրագիրին։ Այսօր, Արցախը ամբողջովին հայաթափուած է, իսկ թշնամին կը շարունակէ ջնջել հայկական Արցախի ինքնութեան հետքերը։
Սակայն, կայ ճշմարտութիւն մը, որ հայ ժողովուրդը ունի անկոտրում պայքարի կամք եւ կը հաւատայ, որ վերադարձ անպայման պիտի ըլլայ։