ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag

ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - Լիբանան

Armenian Revolutionary Federation - Lebanon

الحساب الرسمي لحزب الطاشناق - لبنان

2 սեպտեմբեր 1991-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու նստաշրջան, որ ընդունեց զո...
02/09/2026

2 սեպտեմբեր 1991-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու նստաշրջան, որ ընդունեց զոյգ շրջաններու սահմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման որոշումը։

Որոշման հիմք ծառայեց 3 ապրիլ 1990-ին Խորհդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ որդեգրուած «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգի» մասին օրէնքը։ Այդ օրէնքի առանցքը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու հանրաքուէի գաղափարն էր:

10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ: Այսպիսով, Արցախը իր անկախութիւնը հռչակեց ըստ Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութեան եւ ընթացակարգին։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անցնող շաբ...
29/08/2026

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անցնող շաբթուան ընթացքին «Թի.Թի.Վի.»-ի եւ «Ռետ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյց ունեցաւ Լիբանանի եւ տարածաշրջանային վերջին զարգագուշներու շուրջ։

«Թի.Թի.Վի.»

«Թի.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պետութեան պարտականութիւնն է բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել գերիշխանութիւնը պարտադրելու համար: Թշնամին քեզի գերիշխանութիւն չի տար», յայտնեց Բագրատունի:

Ամբողջականը՝
https://www.aztagdaily.com/archives/700910

«Ռետ Թի.Վի.»

«Ռետ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Բագրատունի յայտնեց. «Ներկայ կացութեան մէջ միախմբուելուն այլընտրանքը չունինք։ Ներկայ կացութեան մէջ կարիքը ունինք երկխօսութեան ձեռնարկելու, մինչեւ իսկ երկխօսութեան նիստեր գումարելու», յայտնեց երեսփոխանը։

Ամբողջականը՝
https://www.aztagdaily.com/archives/701217

بيان صادر عن مكتب الإعلام في حزب الطاشناقانتشرت على بعض مواقع التواصل الاجتماعي أخبار عن حادثة حصلت في نادي «أزادامارد»،...
24/08/2026

بيان صادر عن مكتب الإعلام في حزب الطاشناق

انتشرت على بعض مواقع التواصل الاجتماعي أخبار عن حادثة حصلت في نادي «أزادامارد»، التابع لحزب الطاشناق في منطقة الجعيتاوي، مع تحليلات وإضافات لا علاقة لها بالواقع.

جراء ذلك، يهم مكتب الإعلام في حزب الطاشناق أن يوضح ما يلي:
بدايةً، إن حضور الأمين العام ألبير بالابانيان وأعضاء اللجنة المركزية لاجتماعات حزبية في النوادي، هو ظاهرة طبيعية دورية.

أما ما يتم تناقله عن المجريات، فهو في الحقيقة مناقشات حزبية داخلية يتم نقلها بصورة محرفة ومضخمة تجافي الحقيقة. كما يتم إيراد حوادث ومناقشات من نسج خيال من أبلغ الرواية إلى المنصات التي تتناقلها.

كما وتبدي اللجنة المركزية أسفها للحادث العرضي الذي وقع للمختار بدروس كولاجيان، متمنية له الشفاء العاجل.

وعليه، يشدد مكتب الإعلام في حزب الطاشناق على ضرورة التأكد من صحة ودقة المعلومات التي يزود بها البعض تلك المواقع قبل نشرها، حرصاً على مصداقيتها.

Մհեր Ջուլհաճեան՝ «Դէպի Երկիր» նշանաբանին հաւատարիմ, ուղղուեցաւ հայրենի Արցախ, զոհաբերելու իր գերագոյնը՝ կեանքը, յանուն ա...
23/08/2026

Մհեր Ջուլհաճեան՝ «Դէպի Երկիր» նշանաբանին հաւատարիմ, ուղղուեցաւ հայրենի Արցախ, զոհաբերելու իր գերագոյնը՝ կեանքը, յանուն ազատագրութեան եւ ծաղկող սերունդներուն։

23 օգոստոս 1993-ին Մհեր Ջուլհաճեան կը նահատակուի զինակից չորս ընկերներու հետ, Մարտունիի մօտ, երբ ան, Մերուժան Մոսիեան, Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուդիկ Աւագեան կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերուն դիրքերը:

استقبل امين عام حزب الطاشناق في لبنان ألبير بالابانيان امس في مقر الحزب في برج حمود وفد اللقاء الوطني وذلك بحضور عضو الل...
21/08/2026

استقبل امين عام حزب الطاشناق في لبنان ألبير بالابانيان امس في مقر الحزب في برج حمود وفد اللقاء الوطني وذلك بحضور عضو اللجنة العالمية للحزب النائب اغوب بقرادونيان وقياديين. وجاءت الزيارة في إطار جولة اللقاء الوطني على القوى السياسية والشخصيات الوطنية.

وجرى خلال اللقاء بحث الأوضاع العامة في لبنان والمنطقة، والتطورات السياسية الراهنة، إضافة إلى عدد من القضايا الوطنية التي تهم اللبنانيين.

كما عرض وفد اللقاء الوطني أمام مسؤولي حزب الطاشناق المشروع الذي يعمل عليه، والجهود التي يبذلها في هذا الإطار، داعياً قيادة الحزب إلى المشاركة في اللقاء الذي يعتزم اللقاء الوطني تنظيمه في بيروت، وذلك في سياق السعي إلى توسيع دائرة التشاور والتواصل بين مختلف القوى والشخصيات اللبنانية.

14 օգոստոս 1896-ին Բաբգէն Սիւնիի եւ Արմէն Գարոյի ղեկավարութեամբ իրականացաւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը։ Այս քայլը...
14/08/2026

14 օգոստոս 1896-ին Բաբգէն Սիւնիի եւ Արմէն Գարոյի ղեկավարութեամբ իրականացաւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը։

Այս քայլը հանդիսացաւ բողոքի կոչ ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան եւ եւրոպական պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ դարձաւ ստրկացած ժողովուրդի զարթօնքի եւ ազատագրական պայքարի սկիզբի խորհրդանիշ։

10 օգոստոս 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Աւետիս Ահարոնեան ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը։ Այդ պայմանագիրով Թուրքիա...
10/08/2026

10 օգոստոս 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Աւետիս Ահարոնեան ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը։ Այդ պայմանագիրով Թուրքիան ճանչցաւ ազատ եւ անկախ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն տրուեցաւ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին։ Աւելի՛ն. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ստանձնեց պատրաստութիւնը Իրաւարար վճիռին, ըստ որուն Հայաստանի տարածքը պիտի կազմէր 160.000 քառակուսի քմ՝ ունենալով ելք մը դէպի Սեւ ծով։

Սեւրի դաշնագիրը կը նկատուէր իբրեւ Հայկական հարցի լուծման կարելիութիւն։ Սակայն, դաշնագիրը մնաց անկատար։ Ան չվաւերացուեցաւ սուլթանական կառավարութեան կողմէ, իսկ քեմալական շարժումը կտրուկ հակազդեցութիւն ցուցաբերեց անոր իրականացման նկատմամբ՝ սկսելով նաեւ ռազմական նոր գործողութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,Կ՚առերեսուինք հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն անպատուաբեր, պատմական նախադէպը չունեցող փաստին: Վար...
07/08/2026

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կ՚առերեսուինք հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն անպատուաբեր, պատմական նախադէպը չունեցող փաստին: Վարչախումբին կողմէ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ծրագրաւորուած թիրախաւորումն ու հալածանքները հատած են բոլոր կարմիր գիծերը: Ապօրինաբար յարուցուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ դատական գործընթաց յարուցուած է Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.-ի եւ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ինքնութեան անսասան յենասիւնը, որ առաջնորդած է մեր ժողովուրդը ամէնէն ծանր փորձութիւններուն ընդմէջէն, պահպանած է մեր սուրբ հաւատքը, ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ դարաւոր արժէքները:

Եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ անոր հոգեւոր առաքելութեան դէմ ուղղուած ՀՀ իշխանութիւններուն գործողութիւնները հակասահմանադրական են եւ հակազգային: Այսպիսով, հիմնովին կը խարխլուի պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու տարանջատման սահմանադրական սկզբունքը, կ՚ոտնահարուին հազարաւոր հաւատացեալներու խղճի ազատութեան իրաւունքն ու հոգեւոր արժանապատուութիւնը, կը խորանայ հանրային պառակտուածութիւնը, կը թուլանան մեր ինքնութեան հիմքերը եւ նոր ցնցումներու կ՚ենթարկուի պետական ու հասարակական կեանքը:

Իբրեւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներ` կը դատապարտենք իշխանութիւններու որդեգրած հակաօրինական գործողութիւնները, անսակարկ վստահութեամբ կը վերահաստատենք մեր լիակատար աջակցութիւնը Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին:

Կոչ կ՚ուղղենք դատաիրաւապահ համակարգին` մնալու սահմանադրականութեան եւ ՀՀ օրէնքներու շրջանակներուն մէջ եւ չտրուելու քաղաքական խարդաւանքներու պարտադրանքին: Թեմերու կառավարման եւ առհասարակ կանոնական իրաւունքի ու ներքին ընթացակարգերու հետ կապուած հարցերը կը գտնուին բացառապէս եկեղեցւոյ իրաւասութեան տիրոյթին մէջ, եւ որեւէ միջամտութիւն անթոյլատրելի է:

Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն` ազգային գիտակցութեամբ ու համերաշխութեան սկզբունքներով առաջնորդուելով, պահպանելու ազգային միասնութիւնը եւ համախմբուելու Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, անոր հոգեւոր առաքելութեան եւ Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին շուրջ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
07.08.2026

06/08/2026

«Մեր նպատակը միջազգային դատարան հասնիլն է․» - Դաւիթ Իշխանեան՝ Պաքուի բանտէն | 06.08.2026

وطنٌ موجوع، وذاكرةٌ لا تغيب، وعدالةٌ لا بدّ أن تتحقق.
04/08/2026

وطنٌ موجوع، وذاكرةٌ لا تغيب، وعدالةٌ لا بدّ أن تتحقق.

Address

Shaghzoyan Center, Bourj Hammoud
Beirut

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag:

Shortcuts

Share